Անվախ Հայը
Հայը բանտէն չի վախնար,
Հայը մահէն չի վախնար,
Միշտ կ՚ուզէ պատերազմիլ
Հայկական հողին համար։
Գացէք ըսէք վատ թուրքին,
Թող հեռանայ մեր հողէն.
Հայը վարժութիւն ունի,
Պատերազմը մօտեցաւ։
Հինգ հարիւր տարուան մեռեալն
Այսօր ոտքի կանգնեցաւ.
Գացէք ըսէք վատ թուրքին,
Դատաստանը վերջացաւ։
Հերի՛ք այսչափ տառապանք,
Հերի՛ք այսչափ գերութիւն.
Փշրենք մեր շղթաները,
Շուտով երթանք Հայաստան։
Արարատ լերան վրայ
Հայու քաջ խումբ պատրաստենք.
Զէնք, սուր ձեռքերնիս առած
Կռուենք վասն հայրենեաց։
Արի՛ք, հայկազն քաջեր,
Առէք ձեր հետ ձեր սուսեր.
Շուտով վազեցէք Կարին,
Որ յաղթենք վատ թուրք ցեղին։
Արիւնածարաւ հայեր,
Ջնջեցէք Կարնոյ զօրքեր.
Հայուն վերջին ժամն է,
Պէտք չէ թուրքին խնայել։
Leave a Reply