Առտու Կանուխ
Առտու կանուխ ուսկից կու գաս
Օրօր շորոր հայ աղջիկ.
Կուժը ձեռիդ աղբիւր կ՚երթաս,
Օրօր շորոր հայ աղջիկ։
Յօնքեր ունես կամար,
Այտեր ունես թուխպար,
Հասակով ես չինար
Աղուորիկ աղջիկ, մի՛ հեռանար։
Առտու կանուխ ուսկից կու գաս
Էդպէս մենակ հայ աղջիկ,
Բարեւ կը տամ, բարեւս կ՚առնես,
Հազար նազով ջան աղջիկ։
Այտեր ունես ծիրան,
Դեղձի նման բերան,
Համբոյր դնեմ վրան,
Աղուորիկ աղջիկ, մի՛ հեռանար։
Այս ի՞նչ տեսակ մօտաներ են,
Եար, եար, եար, եար աման
Աղջիկ տղայ ‘աթթուեր են,
Եար, եար, եար, եար աման։
Երկար հագուած կռնակնին բաց,
Եար, եար, եար, եար աման,
Ոտքերնին ալ եար կապած են,
Եար, եար, եար, եար աման։
Leave a Reply