Herosoohi Shakeyin | Houshartsan Muh Jayruh Dzdzoon

Հերոսուհի Շաքէին

Յուշարձան մ՛է ժայռը ցցուն՝
Սասնոյ դաշտէն սեպաձեւ,
Զարհուրելի կառափնոցն՝
Դիւցազնուհի Շաքէին։

Նէ գլխաբաց, հալածական,
Մերկ ոտքերով հեւ ի հեւ,
Հոն բարձրացաւ, ճակատն ի վար՝
Արիւն քրտինք կաթէին։

Լաճը կուլար,երկինք կ՚ողբար,
Իբրեւ մայր մը գթառատ,
Սասնոյ երկրին այդ անձնուրաց,
Մայր ու զաւկին մահամերձ։

Նէ չի լացաւ, վերջին անգամ,
Գգուեց մանկիկն հարազատ,
Իր փառքերին վերջալոյսն էր,
Երբ ալ մեռնիլ որոշեց։

Եթէ վայրկեան մ՚ալ տատամսէր,
Արիւնարբու խուժանի,
Ոսոխներէն շամփուրուած էր,
Սարի ձագուկն այդ անմեղ։

Որդին գրկած վար նետուեցաւ,
Ժայռերէն վար, դէպ անդունդ։


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *