Im Anoush Yar | Yegan Karnan Anoush Orer

Իմ Անուշ Եար

Եկան գարնան անուշ օրեր
Վարդ ու սոխակով,
Ես կը սպասեմ սէրը սրտիս,
Եարիս կարօտով։
Ո՞ւր մնացիր իմ անուշ եար,
Ալ չեմ դիմանար,
Ցաւս խորն է, բայց ուրիշին,
Դարտս չեմ բանար։

Սեւ աչերուդ հուր կրակով,
Սիրտս այրեցիր.
Մէկ համբոյրով զիս գերեցիր
Թողիր ու գացիր։
Ա՛խ շուտ եկուր իմ անգին եար,
Ալ չեմ դիմանար.
Ես կը մեռնիմ, բայց ուրիշին,
Սիրտս չեմ բանար։

Սէրը քեզմով ես սորուեցայ,
Իմ աննման եար,
Առանց սիրոյ ցուրտ է կեանքը,
Ինչո՞ւ հեռացար։
Քեզ կը սպասեմ իմ անգութ եար,
Ալ չեմ դիմանար,
Ես կը մեռմին, բայց ուրիշին,
Իմ սէրս չեմ տար։

Խօսք եւ Երաժ.
Ս.Էսմերեանի


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *