Khrad | Yervor Azkin Kahu Vertsav

Խրատ

Երբոր ազգին գահը վերցաւ,
Երբոր ազգին թագը փշրեցաւ.
Յայնժամ մոլի վատ կղերներ
Բարձրացուցին իրենց թագեր։

Ըսին՝ հայոց լոկ հայրենիք
Է կղերին պաշտած երկինք.
Լաւ է կրօնի չհաւատալ,
Քան թէ անոր գերի ըլլալ։

Հին բռնակալ թագիդ փոխան,
Հայ մարդ, ընտրէ քու իշխան.
Թանգ զարդն, պչրանքն գէշ կղերին,
Ա՛ռ, տու՛ր, կրթէ հայի որդին։

Ազգ մ՚որ չունի ազատութիւն,
Ան չունի կեանք, շունչ եւ արիւն
Չունի կրօն, յոյս հոգեկան,
Անբան նիւթ է ոտնակոխան։

Երդմամբ վճռէ կամ մահ կամ կեանք,
Փշրէ, կոտրէ լուծ կապանք.
Լաւ է մարդուն բնաւ չապրի,
Քան թէ ապրի այլոց գերի։

Փամփուշտ, գնդակ, ռումբ, ուժանակ,
Առատ լեցուր քո լայն տոպրակ.
Պատերազմի դաշտին մէջ դուն
Ընտրէ մեռնիլ քան թէ քո տուն։

Լաց, կոծ, բողոք, արիւն, աղօթք,
Անօգուտ են, կը ցնդին յօդ,
Քանզի ազգաց իրաւունքներ
Որոշած են քաջաց սուրեր։

Որու սուրը կտրուկ լինի,
Որու գնդակն հեռու նետուի,
Իրաւունքը անոր կ՚ըլլայ.
Աշխարհն այսպէս կը հաւատայ։


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *