Suzi | Im Ankin Suzi, Ge Sirem Esir

Սիւզի

Իմ անգին Սիւզի, կը սիրեմ ըսիր,
Սիրտս ու հոգիս սիրով այրեցիր,
Իմ գարուն կեանքիս օրերը պայծառ,
Տարիր քո սիրով եւ զիս լքեցիր։
Սիւզի, Սիւզի, վերադարձիր ինծի Սիւզի։

Ետ տուր իմ սէրս, անաստուած Սիւզի,
Կամ վերադարձիր ու խօսք տուր ինծի,
Տանջուած իմ սիրտս քեզ տամ առյաւէտ,
Թէ չես սիրեր զիս, ըսէ իմ Սիւզի։
Սիւզի, Սիւզի, վերադարձիր ինծԻ Սիւզի։

Մութ գիշեր մըն էր, երբ մենք միասին,
Պատմեցինք սէրը մեր գարուն կեանքին,
Բացինք մեր սիրտը, սիրոյ երգերով,
Այն օրէն եղանք ընկեր սրտագին։
Սիւզի, Սիւզի, վերադարձիր ինծԻ Սիւզի։

Խօսք՝ Յ.Յովհաննէսեանի
Երաժ.Ս.Էսմերեանի


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *