Yeprem | Yeprem Anoont Avasig Kantagveloo Khorazooytz

Եփրեմ

Եփրեմ՝ անունդ աւասիկ քանդակուելու խորասոյզ
Արծիւներուն կուրծքին վրայ եւ ճակատին վրայ դարուս,
Անուն մ՚որ միշտ կայծակով փորագրուած պիտ մնայ
Ազատութեան սուրին վրայ։

Կարիպալտին՝ Հռոմին է, Պոնափարթը՝ ոճիրին.
Կը պատկանիս դուն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Զքեզ խրճիթ մը ծնաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
Այդ վիշտին չափ եղար մեծ։

Քաղաքներուն ապստամբ դռներն ի փուլ բացուեցան
Հրանօթներուդ կատաղի շունչին առջեւ հրահոսան։
Խլեցիր թագն Իպլիսին ու զայն դրիր վերըստին
Մանուկի մ՚հեզ գլուխին։

Փախան շահերն առջեւէդ, պատմուճաննին պատառուն
Հազիւ բաւեց ըլլալու պատանքն իրենց զօրքերուն։
Սիրեց նժոյգդ յաղթական դնել անոնց գահին վրայ
Լուսաբուխ պայտն արիւնլուայ։

Ինկար…նման արծիւին, որ կ՚ինայ վար ամպերէն՝
Ճանկին մէջը շանթը շոպած, հոգւոյն մէջ մաս մ՚արեւէն,
Անհունին մէջ քու անկումդ՝ ինչպէս ննաեւ սրտերու՝
Բացաւ ակօս մ՚ահարկու։

Ով որ զարկիր թուրիդ տակ՝ դիւցազ մ՚ըրիր զանիկա։
Դիւցազնացար աւելի դուն քու մահովդ հսկայ։
Այս է վճիռն՝ երբ Աստուած կարկառէ պսակը փառքի՝
Հանճարն հարկ է խոնարհի։

Զուր է, Եփրեմ, մինչ ազատ ժողովուրդները արդէն
Պղնձախիւսն արձանիդ արշալոյսով կը շաղուեն,
Հոն շիրիմիդ վրայ, հերարձակ Մայր մը կայ միշտ ցաւագին
Լքուած վիշտին մէջ կրկին։


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *