Այրող Յուշեր
Դուռդ թակեցի չտուիր ձայն
Գիշերն խաւար էր անցկալից,
Հեռացայ ես տխուր անձայն
Աստղերն վկայ հառաչանքիս։
Աստղեր հովեր գիշերն այս լուռ
Վիշտս ամոքել դարձան անզօր,
Հարբածի պէս խելար տխուր
Դեռ կը շրջիմ, չունիմ անդորր։
Յոյսերս ջերմին մռայլեցան
Խաւարին պէս խոր գիշերուան
Վայրկեաններն ալ կապար դարձան,
Ու ծանրացան սրտիս վրան։
Թա’առեցայ սիրամոլոր
Մայթերն ի վար ճամբաներուն,
Հոգիս տանջող մորմոքն այս խոր
Մրմնջելով մեղմ հովերուն։
Դեռ կը շրջիմ քայլամոլոր
Օրերուս մէջ դարձած գիշեր,
Սրտիս մէջ յար կարօտդ խոր
Ու հոգւոյս մէջ այրող յուշեր։
Խօսք՝ Մարտօ
Երաժ.Վ.Երամեանի
Leave a Reply