Heros Yepremin | Sarerou Dznoont Ardziv Haghtabantz

Հերոս Եփրեմին

Սարերու ծնունդ արծիւ յաղթապանծ,
Դուն հայ անունին պատիւ գերազանց,
Բռնութիւններու հզօր ախոյեան,
Ո՛վ անմահ Ե’րեմ, կեցցե՜ս յաւիտեան։

Զինտէպա՛տ Ե’րեմ խանը զահրաման
Հարի՛սը հիւրիէթը Իրանեան։

Քեզ ‘առք, հիացում, ո՛վ Սիւնեաց աշխարհ,
Որ այսպէս վսեմ հերոս մը ծնար,
Քու անմահութեանդ բոլորեց դա’նի,
Սարսա’ տարածեց իբրեւ ֆէդայի։

Զինտէպա՛տ Ե’րեմ խանը զահրաման
Հարի՛սը հիւրիէթը Իրանեան։

Կուկունեան, խումբով անցաւ Հայաստան,
Կռուեցաւ քաջ քաջ, մտաւ մութ զնտան,
“շրեց, խորտակեց ժանգոտ շղթաներ,
Եղաւ սուրբ դատին անձնուէր ընկեր։

Զինտէպա՛տ Ե’րեմ խանը զահրաման
Հարի՛սը հիւրիէթը Իրանեան։

Մեռնիլ, ո՜հ, մեռնիլ երազն էր անոր,
Կռուոյ դաշտին մէջ իբրեւ քաջ զինուոր.
Իբրեւ ազատութեան զուարթ հրեշտակ,
Գոցեց աչքեր, գնդակներու տակ։

Զինտէպա՛տ Ե’րեմ խանը զահրաման
Հարի՛սը հիւրիէթը Իրանեան։

Քեզ Դաշնակցութիւն հազար երանի,
Որ կրեց քու մէջ Ե’րեմներ արի.
Անոր ‘առքերէն գինովցեր ես դուն,
Վարէ՛ գործդ յառաջ թա’ով եռանդուն։

Զինտէպա՛տ Ե’րեմ խանը զահրաման
Հարի՛սը հիւրիէթը Իրանեան։

Այժմ Իրանեանց հետ կսկծալի,
Թա’ելով սրտանց արցունքներ աղի,
Կ՚ասեմ մահդ Ե’րեմ, մխեց մեզ սուր ‘ուշ,
Երանութեան մէջ հանգչէ քունդ անուշ։

Զինտէպա՛տ Ե’րեմ խանը զահրաման
Հարի՛սը հիւրիէթը Իրանեան։


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *