Մերժուած Սէր
Խենթ ըսիր՝ հեգնեցիր
Իմ սէրս մերժեցիր,
Իմ դաժան բախտիս հետ
Զիս մինակ թողուցիր։
Վիրաւոր իմ սրտով,
Հեռացայ ես խռով,
Բայց ինչո՞ւ դու եկար
Մօտեցար հին սիրով։
Խենթ ըսիր՝ հեգնեցիր
Իմ սէրս մերժեցիր,
Բայց ինչո՞ւ դու եկար,
Զիս նորէն սիրեցիր։
Չսիրել երդուեցի,
Հեռացայ ու լացի,
Բայց ինչո՞ւ,Բայց ինչո՞ւ
Քեզ նորէն սիրեցի։
Խօսք եւ Երաժ.
Ս.Էսսէրեանի
Leave a Reply