Anonk Ungan | Anonk Ungan Li Gyanki Dzaravov

Անոնք Ինկան

Անո՛նք ինկան,
Լի կեանքի ծարաւով,
Պատճառն այդ սեւ մահուան,
Գինովներու նման,
Աչքերն իրենց ահարկու,
Վիրաւոր, հաշմանդամ,
Ցաւերու մէջ դաժան։

Անո՛նք ինկան,
Տէր Աստուած կանչելով,
Դիմացն եկեղեցւոյ,
Կամ մէջն իրենց տուներուն,
Մենաւոր, դողդոջուն,
Կացինահար, ածխացած,
Սովամահ, ծարաւի,
Հօտեր, ցրուած հովին։

Ո՛չ ոք ձայն բարձրացուց,
Մեղկացած այս աշխարհէն,
Մինչ անդին ազգ մ՚ամբողջ,
Արեան մէջ կը նեխէր,
Եւրոպաան կը գտնէր,
Խժժաձայն երգն իր ճազը
Ժխորը փողերու,
Ծածկեց լացն որբերու։

Անո՛նք ինկան,
Ամօթխած եւ անձայն,
Հազարներ, միլիոններ,
Անպաշտպան եւ լքուած,
Բոսորագոյն ծաղկի,
Փոխուելով յանկարծակի,
Աւազի հովէն անթեղուած,
Եւ հուսկ մոռցուած։

Անո՛նք ինկան,
Արեւոտ աչքերով
Նման այն թռչունին,
Որ կ՚իյնայ վիրաւոր,
Մեռնելու հոգ չէ ուր,
Առանց հետք մ՚իսկ ձգելու,
Անծանօթ, մոռցուած,
Իր քունին մէջ վերջին։

Անո՛նք ինկան
Միամիտ հաւատքով,
Թէ որդիներն իրենց,
Մանկութիւնն հուսկ ապրէին,
Հողերն անոնք յոյսի,
Պիտի օր մը կոխէին,
Երկիրներ հիւրընկալ,
Ձեռնաբաց մարդոց մէջ։

Ես զաւակն այս ազգին,
Որ անշիրիմ կը ննջէ,
Որ մեռնիլ նախընտրեց,
Հաւատքն իր չուրացաւ,
Անարդարութեան դէմ,
Գլուխն իր երբե՛ք չընկճեց,
Որ կ՚ապրի անգանգատ,
Հակառակ ամէնուն։

Անո՛նք ինկան,
Մէջն երթալու մութին
Յաւիտենից յաւիտեան,
Եռանդին մէջ իրենց
Մահն հարուածեց զանոնք
Տարիքն անոնց չնայած
Միակ յանձանքն անոնց՝
Էր ըլլալ Հայորդի։


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

One response to “Anonk Ungan | Anonk Ungan Li Gyanki Dzaravov”

  1. mirta Avatar
    mirta

    harkeli hairenagitzner, ais site sht hetakrkir e u garevor, ge shnorhavorem , vor aipes arachatimutiun unecak .baic jntrankme unim ais anonk ingan vor graz ek iete charles axnavouri ierkn e, nerogh ktnvetxek baic joskere sjal en, mtek youtube mirta satdjian anunov u hon bidi desnek jisht joskere u ierajshdutiune, vor anhamest chlam ies em ierkoghe, harkankners mirta

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *