Քայլերգ Մարտական
Յառաջ ընթանանք,եղբայրնե՛ր,
Մարտի հրաւէր կարդալով,
Հայրենեաց ազատութիւնը
Գնենք մեր սուրբ արիւնով։
Բաւ է որքան տառապեցանք,
Բաւ է որքան մենք լացինք,
Այսուհետեւ մարտի դաշտը,
Կռիւ տալով պիտ՚ մեռնինք։
Բաւ է որքան կոտորուեցանք,
Բաւ է որքան թափառեցանք,
Ապաւինինք զէնքի ուժին,
Վերադառնանք հայրենիք։
Leave a Reply