Kovk Yerevani | Hazar Kounerov Ou Yetemagan

Գովք Երեւանի

Հազար գոյներով ու եդեմական,
Ծաղկունք ես շարած կրծքիդ, աննման,
Դու մեր աշխարհի չքնաղ թագուհի,
Երկիր դիւթական, սիրուն Երեւան։

Ցերեկը ծիծղուն, պարիկ ոսկեհեր,
Կեանքի յորդ աղբիւր, աշխատանք ու սէր
Գիշերը խաղաղ, հէքիաթներու ծով,
Խաղաղութեան մայր, քնքուշ Երեւան։

Կրծքիդ խրուեցան ահեղ կայծակներ,
Սեւ սուգը պատեց ու դարձար աւեր,
Բայց Հայու ջանքով, կամքով անսասան,
Նորէն ծաղկեցար, գարուն Երեւան։

Դուն մեր աշխարհի ‘առքն ես, Երեւան,
Յոյսի եւ լոյսի կոթող յաւիտեան,
Հայրենակարօտ մեր հոգիներուն,
Լուսաշող ‘արոս, իմ մայր Երեւան։

Խօսք եւ Երաժ.
Ս.Էսմերեանի


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *